Affection [Armenian translation]
Affection [Armenian translation]
Գիտեմ, կ՚ըսես, որ գձուձի կը վերածուիմ երբ կը խմեմ,
Բայց նորէն ալ երբեմն շատ քաղցր կ՚ըլլամ,
Ուրեմն ի՛նչ իմաստ ունի եթէ քեզի ըսեմ գնա՛քունուիր,
Կամ եթէ ըսեմ գեղեցիկ ես ինծի համար
Համակրանք է միշտ,
Օր մը պիտի տեսնես,
Ուշադրութիւնս քու հանդէպդ,
Թէկուզ քու փնտռածդ չըլլայ,
Երբեմն ամբողջ գիշեր կը խօսինք, չենք լռեր,
Եւ երբ ուշ ըլլայ ժամը, պիտի ըսենք տակաւին արթուն ենք, ուրեմն…
Կը սիրենք խօսիլ ինծի տալիք այցելութիւններուդ մասին,
Եւ թէ ինքնաշարժ պիտի վարձենք եւ դէպի հիւսիս քշենք
Համակրանք է միշտ,
Օր մը պիտի տեսնես,
Ուշադրութիւնս քու հանդէպդ,
Թէկուզ քու փնտռածդ չըլլայ,
Քու մասիդ կը մտածեմ,
կ՚ուզեմ, որ դուն ալ,
Քեզի կը սիրահարիմ
Միշտ համակրանք է…
- Artist:Cigarettes After Sex
See more